Չորեքշաբթի, 24.04.2024, 13:00
Ցանկ
Հարցումներ
Օգտվում եք մեր գրադարանից
Всего ответов: 11468
Օնլայն-Օֆլայն

Онлайн всего: 1
Гостей: 1
Пользователей: 0
Մուտքի ձև
free counters
Главная » 2011 » Ապրիլ » 28 » ՄԵԿ ԼՈԻՐ spyurk-center.am կայքից
09:14
ՄԵԿ ԼՈԻՐ spyurk-center.am կայքից

ԽԱՆԴԱԼԻՑ ԳԻՐ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

15 Ապրիլ 2011

  Տրտմանոյշ կարօտի եւ ափսոսանքի զգացումներով է որ 7 Ապրիլի «Մարմարա»ի առաջին էջին վրայ կարդացի Երեւանի մէջ լոյս տեսած երկրորդ հատընտիրներուս հաւաքածոյին` «Տօնականչ»ի շնորհանդէսին մանրամասն թղթակցութիւնը: Կարօտ հայրենիքի օդին, ջուրին, անմայրամուտ աստղալոյսին, խորախորհուրդ ոգեշնչող մթնոլորտին, կարօտ գիրի, արուեստի, գիտութեան նուիրեալ գրչեղբայրներուս զոհաբերող ստեղծագործ շրջանակին եւ ափսոսանք այս բոլորը անգամ մը եւս, գոնէ վերջին անգամ տեսնելու, շնչելու, ողջագուրելու անկարողութեանս համար, հոգ չէ թէ վերջին անգամ...
  Թէեւ կեանքի մէջ միշտ չէ որ զրկանքները փոխարինութիւն մը կ'ունենան, այլ ընդհակառակն վրայէ վրայ բարդուելով կը կուտակուին ու ծանրածանր կը նստին սրտի վրայ, բայց այս մէկը կ'երեւի թէ բացառութիւն մը եղաւ. իրեն հետ բերաւ մխիթարութիւն մը, որ թէպէտ ուղղակի փոխարինում չէ, բայց շատ թանկագին է ինծի համար: Գրողներու Միութեան մեծ դահլիճը լեցնող բազմութիւնն է այդ, գրողներէ, բանաստեղծներէ, գրականագէտներէ, բանասէրներէ, արուեստաբաններէ եւ նոյն նիւթերու համալսարանական ուսանողներէ բաղկացեալ մտաւորականութիւնն է` իր շահագրգիռ ներկայութեամբ ու նաեւ բերած գործօն մասնակցութեամբ,- ըլլայ այդ գնահատական խօսք թէ վերապահական մեկնաբանութիւն, նոյնիսկ քննադատութիւն կամ ինքնաբուխ գեղարուեստական ելոյթ ու ասմունք: Բոլորին կը յղեմ իմ խորին երախտիքի ու շնորհակալութեան սրտագին ողջոյնները:
  Անհատուցանելի է սրտի պարտքս հանդէպ Հայաստանի Գրողներու Միութեան մեծայարգ ու բազմարդիւն նախագահ Պրն. Լեւոն Անանեանի եւ «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենդրոնի տնօրէն եւ արեւմտահայ գրական մշակոյթի անխոնջ դասախօս Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանի, որոնց բարեհաճ ընդառաջումով Հայաստանի Գրողներու Միութեան երդիքին տակ լոյս տեսան եւ շնորհանդէսի արժանացան հանընտիրներու զոյգ հատորներս` «Տօնազանգ»ը (2007) եւ «Տօնականչը» (2010): Առանձնապէս երախտապարտ եմ նաեւ «Սփիւռք» Կեդրոնի արժէքաւոր գիտաշխատողներէն Քնարիկ Աբրահամեանին, որ ո՛չ միայն իր կարեւոր ներդրումը բերած է զոյգ հատորներուս խմբագրական աշխատանքին, այլեւ «Առարկայական խորհրդանշապաշտութիւն. Զարեհ Խրախունին շարժման ակունքներում» խորագրեալ բովանդակալից ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած է Պէյրութի հեղինակաւոր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին մէջ:
  Սիրով, գուրգուրանքով ու յարգանքով կ'ողջագուրուիմ թանկագին գրչեղբայրներուս` վաղեմի բանաստեղծ բարեկամներս` վաստակաշատ Յովհաննէս Գրիգորեանը եւ Յովիկ Հովէեանը, նաեւ շնորհակալութեամբ` իր սրտախօսիկ «Զարեհ Խրախունու Երեւանեան «Տօնականչ»ը» գրութեան համար, եւ պետական մրցանակի դափնեկիր բանաստեղծ մեծայարգ Փրօֆ. Արտէմ Յարութիւնեանը, որ բերած է իր վկայութիւնը գործիս նկատմամբ:
  Ի սրտէ շնորհակալութեամբ կ'ողջունեմ արդիաշունչ արուեստաբան Փրօֆ. Լեւոն Մութաֆեանը, գիտութեան թեկնածուներ Ռոպէրթ Դաւիթեանն ու Վարդուհի Դաւիթեանը, որոնք անտարակոյս իրենց ելոյթներով զանազան տեսանկիւններէ փորձած են յայտնաբերել տարատեսակ գործերուս հիմնական յատկանիշները: Իսկ եռանդագին շնորհաւորելով յարատեւութիւն կը մաղթեմ Օր. Գարուն Երանոսեանին ու Պրն. Նարեկ Մարգարեանին, որոնք Նատիա Անտոնեանի գեղարուեստական ղեակավարութեան ներքեւ ժամանակակից նոր մեկնաբանութեամբ ներկայացուցած են իմ քանի մը հանրայայտ բանաստեղծութիւնները:
  Երանի˜ տեսասալիկի մը միջոցաւ ես ալ հնարաւորութիւնն ունենայի վերահասու ըլլալու այն ամէն ինչին, որ այնտեղ` հայրենի հոգետար երկնքին տակ եւ գրողներու հիւրընկալ տան մէջ ըսուած ու խօսուած է իմ մասիս եւ կատարած գործիս մասին,- ճիշդ այնպէս` ինչպէս հեռուստատես գործիքի դիմաց նստած, ուղիղ սփռումի ընթացքին...: Սրտատրոփ յուզումն ու արտասուալի խանդաղատանքը քիչ մը նուազ կ'ըլլան, բայց վայելքն ու գոհացումը գրեթէ նոյնը:
Եւ...ընտանեկան ու գրականութեան արխիւներն ալ առաւել կը ճոխանան:

12 Ապրիլ, 2011

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

Просмотров: 1211 | Добавил: Mankavarj | Рейтинг: 5.0/183
Всего комментариев: 1
1 Atzeln  
0
purchase lipitor for sale <a href="https://lipiws.top/">atorvastatin 80mg us</a> order lipitor 20mg online

Имя *:
Email *:
Код *:
Փնտրել
Օրացույց
«  Ապրիլ 2011  »
ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւբՇբԿր
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930
Արխիվ
Block title
Block content
ԿԱՅՔԻ ՕՊԵՐԱՏՈՐ ԱՐՄԵՆ ԷԴՈՒԱՐԴԻ ՄԿՐՏՉՅԱՆ.e-mail-armen193@mail.ru© 2024 Хостинг от uCoz