Հինգշաբթի, 21.11.2024, 13:14
Ցանկ
Հարցումներ
Քանի տարեկան եք
Всего ответов: 12769
Օնլայն-Օֆլայն

Онлайн всего: 2
Гостей: 2
Пользователей: 0
Մուտքի ձև
free counters
Главная » 2011 » Նոյեմբեր » 3 » ԳՐԱԽՈՍՈՒԹՅՈՒՆ
10:06
ԳՐԱԽՈՍՈՒԹՅՈՒՆ

«ՄԻՋՈՒԿԻ ՏՐՈՀՈՒՄԸ»

01 Նոյեմբեր 2011

Սփիւռքահայ Գրականութեան Պատմութիւն
Հատոր Ա. Ներածութիւն

Հեղինակ` Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան, Երեւան, 2011, 408 էջ

 

  Սփիւռք, որ սկիզբ առաւ իբրեւ «Աշխարհասփիւռ Տարագիր Արեւմտահայութիւն», 1920-ական առաջին տարիներու արմատախիլ հայութեան համախումբ բռնագաղթովը դէպի Մերձաւոր Արեւելեան, եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներ:
  Ուրեմն, տարագիր այս սերունդին բերած մշակութային ժառանգութիւնն ու վերապրող արեւմտահայ գրական դէմքերու նոր ժամանակներու ստեղծագործութիւններն են, որ կը կազմեն հիմքը «Սփիւռքահայ Գրականութեան», առաւել` այս սերունդին Միտքի զաւակներուն մշակած գրականութիւնը, իբրեւ շարունակութիւն նախա-եղեռնեան արեւմտահայերէնով ստեղծուած գեղարուեստական արձակի, բանաստեղծութեան, թատերագրութեան եւ գրականագիտութեան: Աւելի քան տասնեակ մը արեւմտահայ գրողներ, գլխաւորութեամբ Չօպանեանի, Շանթի, Թէքէեանի եւ Օշականի, «Սփիւռքահայ Գրականութիւն»ը ստացաւ յստակ դիմագիծ, եւ ստեղծուեցան երկրի կարօտն ու Ցեղասպանութեան արհաւիրքը գրականացնող արձակ ու չափածոյ երկեր:
  Յակոբ Օշականի «Հայ Գրականութիւն» դասագիրքի «Անմիջական Գրականութիւն» բաժինը (էջ 629-675), ընդհանուր յայտարարի ներքեւ կը բերէր առաջին քսանամեակի (1922-1940) գրական փաղանգին յիսնեակ մը զինուորագրեալները: Երախտաշատ այս աշխատանքը շարունակուեցաւ գրչի այլ աշխատաւորներու կողմէ, հասնելով մինչեւ Վազգէն Գաբրիէլեան, Գեղամ Լ. Սեւան եւ այսօր` Սուրէն Դանիէլեան, որ կը ներկայացնէ մեզի Ա. գիրքը նախատեսուած իր եռահատոր շարքին: Երկ մը, որուն հեղինակը 1990-էն լոյս ընծայած էր «Ամերիկահայ Վիպագիրներ», 1992-ին` «Սփիւռքահայ Վէպը. Ժանրը, Աւանդոյթները, Պատմութեան Փիլիսոփայութիւնը», 1996-ին` Ռոպէր Հատտէճեանի գրականութեան նուիրուած մենագրութիւնը («Ներաշխարհի Գեղարուեստական Քննութիւն»), 1999-ին` «Բանաստեղծութեան Ազատագրումը. Զարեհ Խրախունի» գեղագիտական վերլուծումի փորձագրութիւն ու տասնեակէ աւելի սփիւռքահայ հեղինակներու երկերու խմբագրական աշխատանքներ` իրենց յառաջաբաններով եւ ծանօթագրութիւններով:
  Եւ մեծ մասը այս ամէնուն ներառեալ` ներկայ հատորը, պատրաստուած եւ հրատարակուած է դասական ուղղագրութեամբ, իբրեւ գործնականացուած առաջարկ` ապահովելու հայրենի պետական եւ ակադեմական հեղինակութիւններուն վաւերացուցած որպէսզի վերջնական վերադարձ մը կատարուի դէպի համընդհանուր միացեալ եւ դասական ուղղագրութեան:
  Այս ծիրէն ներս, ի´ր իսկ հիմնադրած «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնը, տասնամեակէ մը ի վեր կը կատարէ ուսուցչական եւ մանկավարժական եզակի առաքելութիւն մը, լաւագոյնս ծանօթացնելով արեւմտահայ դասական թէ նորագոյն ժամանակներու գրական ստեղծագործութիւնները Երեւանի Մանկավարժական Համալսարանի ուսանողներուն: Արժանիք մը որ ներկայիս մեծապէս կը գնահատուի հայրենի գրական եւ կրթական հեղինակութիւններու կողմէ:
Սուրէն Դանիէլեանի սփիւռքահայ գրականութեան քննական պատմութեան ներածական բաժինը` ընթերցողին կը ներկայանայ մասնագիտական լուրջ բովանդակութեամբ:
«Միջուկ»ը գրական-ստեղծագործական այն արտադրութիւնն է, որ սկիզբ առաւ արեւմտահայ զանգուածի արդի աշխարհաբարի զարգացումներով 19-րդ դարու Բ. կէսէն ետք ու իբրեւ ակունք դարձաւ «հայ գրականութիւն» երկճիւղանի ծառաբունին հիմնական կէսը, իրագործուած` արեւմտահայերէնի քերականութեան ու բառապաշարի ողջ հարստութեան գիտելիքներով, եւ հայրենի հողին (Արեւմտահայաստան) կենսատու աւիշով:
Ներկայ հատորին մէջ, հեղինակը նախ կ'անդրադառնայ «Սփիւռքահայ գրականութեան ակունքներուն»: Կը վերլուծէ «ժամանակ»ի գործօնը, գրական ընթացքներու ձեւաւորումին մէջ կը տեղադրէ քաղաքա-ընկերային եւ մշակութային հիմքեր: Ապա, հայ գրականութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն առնելով` Թումանեանի եւ Չարենցի ստեղծագործութեանց հետ զուգահեռաբար Օշական - Թէքէեան - Խրախունի եռեակը կը վերլուծէ, Րաֆֆիի եւ Ահարոնեանի արձակին մէջ գտնուող «ազգային ինքնութեան արթնութեան եւ ազգային երազանք» նախատարրերը սփիւռքահայ նորակազմ գրողներուն կը մօտեցնէ, «Կարօտ»ի եւ «Նահանջ»ի շարժումները կը վերլուծէ, կը քննարկէ եւ զանոնք էջատակի ծանօթագրութիւններով կու տայ կենդանի օրինակներ իր ընտրած հեղինակներէն:
  Նոյն սկզբունքներով կը վերլուծէ օտարալեզու սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները: Օտարագիր բանաստեղծներէն Ռուբէն Մելիքը, Շառլ Ազնաւուրը, Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը եւ Ալիսիա Կիրակոսեանը կը տրուին իրենց գրական դիմանկարներով: Գեղարուեստական արձակի մէջ` անգլերէնով Մայքլ Առլէն, Ուիլիամ Սարոյեան, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան, Փիթըր Սուրեան, Փիթըր Պալաքեան եւ Նենսի Գրիգորեան, ֆրանսերէնով` Անրի Թրուայա, Անրի Վերնէօյ, Յակոբ Խաչիկեան, Վահէ Քաչա, իտալերէնով` Հրանդ Նազարեան եւ Անտոնիա Արսլան ու պուլկարերէնով` Սեւդա Սեւան ներկայ հատորին մէջ արժանացած են գրական-քննադատական լուրջ մօտեցումի:
  Այս բովանդակութեամբ գիրքերուն երբեմն կու տանք նաեւ «գրական պատմութիւն» ենթախորագիրը: Մեր պարագային` սփիւռքահայ ժողովուրդին գրական ներաշխարհին պատմութեան վերլուծումն է, որ կ'արձանագրէ Սուրէն Դանիէլեան, մանաւանդ երբ իբրեւ ոչ-սփիւռքահայ հեղինակ, հեռուէն կը դիտէ մեր ներքին վէճերն ու հակամարտութիւնները, բաղձանքովը` իրաւախոհական հաւասարակշիռ մտածողութեան մը սկզբունքին: Դժուարին առաքելութիւն մը արդարեւ:
  Մեծ է արժանիքը սոյն երկասիրութեան: Արդար պիտի չըլլար` ամփոփ ակնարկով մը անդրադառնալ անոր ընդգրկած լայնահուն հարցադրումներուն եւ քննարկումներուն, ու կը սպասենք հանգամանաւոր այլ անդրադարձներուն:
  Սփիւռքահայ ընթերցողը երախտապարտ է հեղինակին անսպառ կարելիութիւններուն, անոր յամառ եւ հետեւողական ջանքերուն, գրականագէտի եւ գեղագէտ-քննադատի հմտութեան ու ճաշակին, որոնց շատ բան կը պարտի դասական ուղղագրութեամբ լոյս տեսած այս հատորը:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

«Զարթօնք», Շաբաթ, 9 Յուլիս, 2011, էջ 4
«Նոր Յառաջ», երկրորդ տարի, Հինգշաբթի, 22 Սեպտ., էջ 4-5
http://spyurk-center.am/am/news/88
Просмотров: 1237 | Добавил: Mankavarj | Рейтинг: 5.0/69
Всего комментариев: 0
Имя *:
Email *:
Код *:
Փնտրել
Օրացույց
«  Նոյեմբեր 2011  »
ԵրկԵրքՉրքՀնգՈւբՇբԿր
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930
Արխիվ
Block title
Block content
ԿԱՅՔԻ ՕՊԵՐԱՏՈՐ ԱՐՄԵՆ ԷԴՈՒԱՐԴԻ ՄԿՐՏՉՅԱՆ.e-mail-armen193@mail.ru© 2024 Хостинг от uCoz